Père Nersès AKINIAN (8 sept. 1883, Artvine – 28 oct. 1963, Vienne, Autriche)
Հ. Ներսէս ԱԿԻՆԵԱՆ (8 սեպտ. 1883, Արդուին – 20 հոկտ. 1963, Վիեննա)

Père Nersès Aguinian

Հայ բանասիրութեան տիտաններէն՝ Հ. Ներսէս Ակինեան փոքր տարիքին արդէն ղրկուած է Վիեննա, Մխիթարեաններուն ընծայարանը 1895-ին, եւ 1901-ին ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ: Միաբանութեան ուղղութեան համեմատ՝ սկիզբէն իսկ հետեւած է բուռն եռանդով պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններու, եւ ամբողջ Հայոց հին պատմութիւնն ու գրականութիւնը անցուցած է մանրակրկիտ քննութիւներէ՝ գերմակական խստապահանջութեամբ: Իրեն մեծ ծառայութիւն մատուցած է վանքի հարուստ մատենադարանը, որուն տեսուչը եղած է երկար տարիներ:

Բազմաթիւ ճամբորդութիւններ, ինչպէս 1912-ին իր ծննդավայրը եւ Հայաստան, 1924-1929 Խորհրդային Միութեան զանազան կեդրոններ՝ Մոսկուա (Լազարեան Ճեմարան), Նախիջեւան, Բաթում, Թիֆլիզ, նաեւ Լվով-Լեմբերգ, առիթ տուած են իրեն այցելելու հին յուշարձաններու եւ հայ ձեռագիրներու հաւաքածոներու, իբրեւ անսպառ աղբիւր իր անաչառ քննական ուսումնասիրութւիններուն: 1939-ին կ'անցին Միջին Արեւելք, ուր արգիլուած կը մնայ Բ. Աշխարամարտին հետեւանքով մինչեւ 1945, եւ ժամանակը կ'անցնէ ուսուցչութեամբ եւ մատչելի հայ ձեռագիրներու ուսումնասիրութեամբ:

Իր կեանքին մեծ մասը, մանաւանդ վերջին տարիները, անցուցած է իբր խմբագիրը «Հանդէս ամսօրեայ» պաշտօնաթերթին Վիեննա, որ դարձած էր մարմնացումը հայ բանասիրութեան՝ միջազգային աշխատակիցներով:

Հ. Ակինեան արտադրած է հսկայ քանակ մը աշխատասիրութիւններու, հրատարակուած ընդհանրապէս «Հանդէս ամսօրեայ»-ի էջերուն մէջ, բայց նաեւ 50-ի մօտ աշխատանքներ լոյս տեսած՝ առանձին հատորով: Կարգ մը գործեր թարգմանուած են գերմաներէնի եւ անգլերէնի:

Թարգմանեց՝ Ս. Պ. (իր աշակերտը)

Տեսնել իր մասին աւելի ընդարձակ՝ իր աշակերտներէն, Հ. Վահան Ինգլիզեանի գրչէն՝ կենսագրական մը, «Հանդէս Ամսօրեայ», 1954 սեպտեմբեր, էջ 355 եւն:

 


 
Dr Karl Mlaker (1896-1951)
Դկտ. Կարլ Մլակէր (1896-1951)

Աւստրիացի  բանասէր, մասնագէտ սեմական ու հայկական լեզուներու: Հեղինակն է քանի մը հայերէնի մասին գրութիւններու :

Տե՛ս Հայր Ն. Ակինեանին գրութինը «Հանդէս ամսօրեաի» մէջ՝ ԿԸ. Տարի, 1954, էջ 151-152: (pdf, 1Ko)


 
Frédéric Macler (16/05/1869 à Montdoré - 12/07/1938, à Monbéliard)
Ֆրէտէրիք Մաքլէր (16 մայիս 1869 Մօնթտօռէ – 12 յուլ. 1938, Մօնպէլիառ)

Արեւելեան լեզուներու ու քաղաքակրթութեան մասնագէտ (հայերէն, ասորերէն, եբրայերէն): Յաջորդելով Ա. Մէյէի, 1911-էն մինջեւ 1937, Փարիզի արեւելագիտութիւններուն կաճառին հայագիտական ամպիոնը կը ղեկավարէ: Ուրիշ լեզուաբաններու հետ հիմնած է «Revue des études Arméniennes» [Հայագիտական ուումնասիրութիւններու հանդէս]:

 
Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).