Բառգիրքեր
1) Lexique trilingues de cuisine
2) Մասնագիտական եռալեզու բառգիրքեր
Նախագիտելիք: Կայքին մէջ ներկայացուած ֆրանսերէն/արեւմտահայերէն/անգլերէն մասնագիտական երեքլեզուեան բառգիրքերը արդիւնք են տասնեակ մը տարիներու աշխատութեան: Քսանէ աւելի աղբիւրներ (դասագիրքեր, բառարաններ եւ ել-բառգիրքեր) օգտագործուած են՝ գտնելու համար երեք լեզուներու համարժէքները: Լեզուներու տասնեակ մը մասնագէտներ իրենց ձրիակամ աշխատակցութիւնը մատուցած են: Այս բառգիրքերը մշտական բարելաւման հոլովոյթի մէջ են: Անոնցմէ շատերը հազարաւոր եզրեր կը պարունակեն. կայքին մէջ միայն քանի մը տարրական բառեր ներկայացուած են: Անոնց գործածութիւնը ազատ է. պայմանաւ որ աղբիւրը յիշուի: Ամէն վերարտադրան համար հարկ է կանխաւ հրաման ուզել:
Թերեւս դուք ալ ուրիշ մասնագիտական բառգիրքեր ունիք Ձեր մօտ: Օգտակար գործ մը ըրած պիտի ըլլանք եթէ անոնք այս կայքին մէջ մեր այցելուներուն ներկայացնենք:
3) Երկլեզու բառգիրքեր
3.1.- Հայերէն/անգլերէն բառգիրք, Հայր Սահակ Կոգեան
Այս բառգիրքը կը պարունակէ մօտաւորապէս 12 000 մուտքի հայերէն բառեր: Ան կը կազմէ Դ. մասը անգլերէն լեզուով քերականութեան գիրքին՝ «Armenian Grammar», Հայր Սահակ Կոգեան, Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն (Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1949, 384 էջ. Դ. մասը՝ էջ 249-էն 383 էջ): Այս հատորը կրնաք գտնել մեր կայքին Լեզուի ու քերականութեան գիրքեր էջերուն մէջ:
ա բ գ դ ե զ է ը թ ժ ի լ խ ծ կ հ ձ ղ ճ մ յ ն շ ո չ պ ջ ռ ս վ տ ր ց ւ փ ք օ ֆ
Գործածութեան ձեւ. Կրնաք գիրի մը վրայ կոխել՝ մերձենալու համար այդ գիրով սկսող էջին, յետոյ՝ձեր փնտռած բառը գտնելու համար էջերը դարձնել: Իսկ մերձենալու համար գործածուած համառօտութիւններուն կոխել՝ Համառօտագրութիւններ (pdf, 553 Ko) վրայ:
3.2.- Հայերէն/գերմաներէն բառգիրք, Հայր Լեւոն Մովսէսեան
Այս բառգիրքը կը պարունակէ մօտաւորապէս 6 000 մուտքի հայերէն բառեր: Ան կը կազմէ Է. մասը գերմաներէն լեզուով քերականութեան գիրքին՝ «Armenische Grammatik», Հայր Լեւոն Մովսէսեան, Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն (Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1959, 424 էջ. Է. մասը՝ էջ 349-էն 415 էջ):
ա բ գ դ ե զ է ը թ ժ ի լ խ ծ կ հ ձ ղ ճ մ յ ն շ ո չ պ ջ ռ ս վ տ ր ց ւ փ ք օ ֆ
Գործածութեան ձեւ. Կրնաք գիրի մը վրայ կոխել՝ մերձենալու համար այդ գիրով սկսող էջին, յետոյ՝ձեր փնտռած բառը գտնելու համար էջերը դարձնել:
Վերջին այժմէացում
14/08/2024
14/08/2024