Եոհան Հայնրիխ Հիւպշման (1 յուլիս 1848, Էրֆուրթ, Գերմանիա — 20 յունուար 1908, Ֆրայպուրկ, Գերմանիա)
Գերմանացի լեզուաբան, հայերէնագիտութեան հիմնադիր Գերմանիա:
Ուսումը ստացած է Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, մասնագիտանալով սեմական եւ արեւելեան լեզուներուն: 1874 մարտին մեկնած է Վենետիկ Մխիթարեան վանքը, ուր իւրացուցած է հայերէնը: 1875-ին ներկայացուցած է իր աւարտաճառը՝ Լայբցիկի համալսարանը, եւ 1876-ին կարգուած ուսուցչապետ իրանեան լեզուներու Լայբցիկ, եւ 1877-ին ալ Սթրազպուրկի համալսարանը՝ բաղդատական բանասիրութեան ճիւղին:
1875-էն իվեր՝ իր աշխատութիւններուն կեդրոնը կազմածէը հայերէն լեզուն: Ինքն է որ բերած է վերջնական փաստը, թէ հայերէնը մէկ անկախ ճիւղն է հնդեւրոպական լեզուախումբին, եւ ոչ թէ ստորակայ բարբառ մը իրանական կամ արիական ճիւղին: Իր այս տեսութիւնը բախած է նախ բուռն ընդիմութեան, բայց այսօր մաս կը կազմէ գիտական աշխարհին: Պարապ տեղ չէ որ ան արժանացած է հայոց հիացմունքին: Դժբախտաբար սակայն առաջին մասը միայն լոյս տեսած է իր «Հայերէն քերականութեան», ամբողջութեամբ յատկացուած ստուգաբանութեան: Իր ճիշդ դիտողութիւններով եւ եզրակացութեամբ՝ այս գործը կը մնայ մինչեւ օրս հիմնական ուղեցոյց: Իր միւս գործերէն յիշենք՝ «Հին Հայաստանի տեղագրական անունները», եւ շատ մը աշխատասիրութիւններ՝ հնդեւրոպերէնի հնչիւնական դրութեան, Օսետերէնի ստուգաբանութեան եւ հնչականութեան մասին, եւ այլ աշխատութիւններ պարսկերէնի վերաբերեալ: Նշենք նաեւ, որ ան ուսուցիչը եղած է Հ. Աճառեանի:
Մեռած ու թաղուած է Սթրազպուրկ:
Թարգմանեց՝ Ս.Պ.
< Նախորդ | Յաջորդ > |
---|
14/08/2024