Անթուան Մէյէ (11 նոյ. 1866, Մուլէն - 21 սեպտ. 1936, Շաթօմէյան)
Հիւբշմանէն ետք, Մէյէ եղած է միջազգային չափանիշով այն լեզուաբանը որ հայերէնին տուած է իր ճիշդ դիրքն ու արժէքը: Հայերէնը եղած է իր նախասիրութիւններուն կեդրոնը: Յիշենք նաեւ, որ ան եղած է նաեւ Հ. Աճառեանի երախտաշատ ուսուցիչը:
Նախ աշակերտ Կարիէրի՝ հետեւած է Հիւբշմանի դասախօսութիւններուն, եւ գացած է Վիեննա, Մխիթարեան վանքը ուր ուսած է հայերէնը հիմնապէս՝ Հ. Տաշեանի մօտ, 1890-1891-ին: Ապա անցած է Թիֆլիս, արեւելահայոց կեդրոնը եւ Էջմիածին, անկէ ալ Վենետիկ Մխիթարեաններու վանքը, ուր դարձած է Ս. Ղազարի կաճառին անդամ:
1902-1906՝ հայերէնի ուսուցչապետ է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու դպրոցին, եւ 1906-ին, դասախօս կարգուած բաղդատական քերականութեան՝ Գոլէժ Ֆրանս, ուր մնացած է 30 տարի: Իր ուսումներուն բերումով սկիզբէն իսկ շփում ունեցած է հնդեւրոպական լեզուներու հետ, եւ 1903-ին արդէն՝ հրատարակած իր կոթողական «Ներածութիւն հնդեւրոպական լեզուներու բաղդատական ուսումնասիրութեան»ը: Իր դասախօտութիւններու շարքին հրատարած է՝ «Սլաւական հասարակաց լեզուն», 1914, «Քերականութիւն հին պարսկերէնի», 1915, «Գերմաներէն լեզուներու ընդհանրական յատկանիշերը», եւայլն:
Խստապահանջ եւ վերապահ իբրեւ գիտնական, եղած է սակայն ջերմ հայասէր եւ մասնակցած ամէն տեսակ հայանպաստ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եւ գործօն անդամ եղած է Հայ Ազգային Պատուիրակութեան:
Ինք եղած է նաեւ հիմնադիրը՝ Շառլ Տիլի եւ Ֆրէտէրիք Մաքլէրի հետ՝ «Հայ ուսմանց հանդէս»-ին, որ գոյատեւած է 10 տարի:
Յիշենք իր գլխաւոր գործը հայերէնի մասին, լոյս տեսած նախ Վիեննա, 1903-ին եւ վերհրատարակուած 1962-ին, Լիզպոն: Մինչեւ այսօր՝ անշրջանցելի հեղինակաւոր աշխատանք մը:
Թարգմանեց՝ Ս.Պ.
< Նախորդ | Յաջորդ > |
---|
14/08/2024