Հայերէն յօդուածներ համակարգիչի մասին:

 ԿՈՉ՝ Համացանցին վրայ հայ տառերով թղթակցիլ (pdf, 66 ko)

(Մալուլին մէջ լոյս տեսած)


Հայերէն ուղղագրական սրբագրիչի մը անհրաժեստութիւնը

Այս ծրագիրը ստանցնած է Քալիֆորնիահայ երիտասարդ Սէրուժ Ուրիշեանը: Իր նպատակն է արեւմտահայերէնի ուղղագրական սրբագրիչ մը անվճար հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել: Ով որ կը փափաքի պիտի կարենայ ներբեռնել սրբագրիչը իր համակարգիչին մէջ եւ անմիջապէս օգտագործել զայն: Վստահ ենք որ այս սրբագրիչ-ծրագիրը ամէնագործնական եւ օգտակար գործիքը պիտի հանդիսանայ մեզի համար: Ան պիտի կցուի նաեւ կարգ մը համածրագրերու հետ, ինչպէս. «Կուկըլը» (Google) փնտռտուքի շարժիչը, ելեքտրոնային բառարաններու, ցանցատառերու, բնագրերու շճտագրութեան եւ այլն: Աւելորդ է շեշտել թէ արեւմտահայերէնի ուղղագրական սրբագրիչը անհրաժեշտութիւն մըն է հայերէն գրողի համար: Առաւել՝ կը խորհինք թէ արեւմտահայերէնը կորուստեան վտանքի տակ է գալիք տասնամեակներու ընթացքին առանց սրբագրիչի: Թերավարժներու համար հայկական այբուբենը դժուարութիւններ կը յարուցանէ: Անոր համար, շատեր կը խրտչին մեսրոպեան գիրերը գործածելու ու կը դիմեն լատինական տառերուն: Կորսնցնելու ժամակ չունինք: Հարկ է մօտ ատենէ ուղղագրական սրբագրիչ մը տրամադրելի ըլլայ համացանցի վրայ: Որչափ որ արագ՝ այն չափ նպաստաւոր է մեր լեզուի ապագային. վերածնունդ մը կ՛ըլլայ բոլորիս համար: Հետեւաբար, այս գործին իրագործման համար հարկ է դիմել արհեստավարժ անձերու որոնք պիտի կարենան քանի մը ամիսէն մէջտեղ բերել այս ծրագիրը. բայց պէտք է խուսափիլ համբակներու յանձնել այս գործին կատարումը որ կրնայ երկար տարիներ տեւել եւ կամ երբեք լոյս չտեսնել:

Սէրուժ Ուրիշեանը նախատիպ մը արդէն պատրաստած է, համացանցի վրայ զետեղած է ձրիափար գործածելի բառարան- սրբագրիչ մը՝ 17’500 բառով թուագրուած իր կողմէ: Այս նախատիպը արդիւնքն է իր գէթ տարուան մը աշխատանքին ու արեւմտահայերէնի թեքումի օրէնքներուն ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ այլ լեզուներու սրբագրիչներու կազմութեան: Կոչ կ՛ընենք բոլոր յոշար անձերուն իրենց աջակցութիւնը բերելու համար:

 www.nayiri.com


 

Հայերէն գրենք հայկական տառեր օգտագործելով

 Րաֆֆի Չիլինկիրեան, Պէյրութ (Լիբանան)

   

Հաճելի էր Սուրիա բնակող բարեկամի մը հետ ել-նամակով հաղորդակցիլ հայերէն տառերով։

Պէտք է խոստովանիմ, որ սկիզբը բաւական դժուար էր համացանցին վրայ հայերէնով արտայայտուիլը։ Սակայն քանի մը անգամ նամակցելէ ետք, գործս աւելի դիւրացաւ եւ հայերէն տառեր գործածելը բնական դարձաւ։

Սկիզբը տարօրինակ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ ընդհանրապէս մենք աւելի վարժ ենք անգլերէնով, ֆրանսերէնով կամ արաբերէնով գրելու։ Երկրորդական վարժարան աւարտող երիտասարդները առհասարակ կը դադրին հայերէնով գրելէ, թէեւ հայերէն խօսիլը երբեք չեն դադրեցներ։

Խորքին մէջ գոյութիւն ունի կարեւոր հարց մը, որուն լուծումը, երբ գտնուի, շատ աւելի պիտի դիւրացնէ հայերէն տառերու գործածութիւնը համացանցի վրայ։ Այս հարցը հայերէն ուղղագրութեան բառարան – սրբագրիչի մը չգոյութիւնն է, որ, երբ ըլլայ, գրելու աշխատանքը աւելի հեզասահ պիտի դարձնէ։ Այսպիսի բառարան – սրբագրիչ մը արդէն իսկ կը գործածուի անգլերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներու համար։ Իմ կարծիքովս, այս բառարան – սրբագրիչը խիստ կարեւոր է հայերէն գրելու եւ հայերէնը քաջալերելու։ Անձնապէս տակաւին չեմ հանդիպած որեւէ մէկ տեսակի բառարան – սրբագրիչի մը, ըլլայ այդ համակարգիչի գործածութեան համար կամ համացանցի վրայ։

Իրականութեան մէջ, ապագան փայլուն կ՛երեւի։ Հինգ տարիներ առաջ կարելիութիւնը չունէինք հայերէն գրելու առանց տաոատեսակ մը զետեղելու համակարգիչին մէջ, օրինակ «Արասան» տառատեսակը կամ «Արարատ» տառատեսակը։ Այսօր, Windows XP-ն կամ Windows Vista–ն ոչ միայն հայերէն տառերը կ՛աւելցնէ անգլերէնի եւ արաբերէնի կողքին, այլ կարելիութիւնը կու տայ ընտրելու արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն շարուածքը։

Կը կարծեմ, որ շատ մօտիկ ապագային, ստեղծագործ մը պիտի ստեղծէ այս բառարան – սրբագրիչը, որուն պատճառով ան մեծ հռչակ պիտի շահի եւ իր անունը պիտի յիշուի երկար տարիներու վրայ։

Այժմ, հետեւեալ կէտերուն մէջ թուղթին կը յանձնեմ առաջարկներս, որոնք պիտի քաջալերեն հայերէնով նամակցելու։

1. Մօտդ ունեցիր հայերէն բառարան մը։ Գիտե՞ս որքա՜ն բառեր պիտի սորվիս, ինչպէս նաեւ պիտի վարժուիս հայերէն բաոերուն ուղղագրութեան։

2. Հայերէնէ – անգլերէն եւ անգլերէնէ – հայերէն բառարան մը ունենալը կ՛օգնէ։ Ասիկա օգտակար ձեւ մըն է հայերէն նոր բառեր սորվելու՝ եթէ հմուտ ես եւ կամ կը սիրես անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուն։

3. Հանգիստ գգայ, երբ հայերէն կը գրես։ Սկսելու համար, ինքզինքդ արտայայտէ այնպէս, ինչպէս որ կը խօսիս։ Ետքը կամաց – կամաց հանգիստ պիտի զգաս, մէկէ աւելի նամակներ գրելէն ետք։ Ժամանակի ընթացքին դուն ուրիշներուն գործածած նոր բառերը պիտի սորվիս, պիտի սրբագրես քու սխալներդ եւ պիտի հարստանայ բաոապաշարդ։

4. Երբ կը նամակցիս, մի՛ սրբագրեր քու բարեկամիդ գրած հայերէնը։ Քաջալերէ՛ գինք, որ հայերէն տառերով նամակ մը կը գրէ քեզի։ Զարտուդի եւ դժուար պիտի թուի սկիգբը, բայց յարատեւէ՛ ու մի տկարանար։ Առաջին առիթով բարեկամդ մի սրբագրեր, որովհետեւ այդ քու մօտեցումդ պիտի չօգնէ, որ ան հանգիստ գգայ։ Ընդհակաոա՛կը, ան շատ հաւանաբար ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ եւ պահպանողական դիրք պիտի որդեգրէ ու դադրեցնէ հայերէն տառերով գրելը:

Ես այժմ ձեզի կը գրեմ համակարգիչիս վրայ գործածելով Windows XP-ի unicode հայերէնը։

Կը բաւէ հայերէն գրես լատիներէն տառերով։ Ժամանակն է, որ հայերէն գրես հայերէն տառերը գործածելով։

 

 

Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).