Père Sérovpeh DERVICHIAN (10 janv. 1846, Constantinople – 1 janv. 1892, Constantinople)
Հ. Սերովբէ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ (10 յունուար 1846, Պոլիս – 1 յունուար 1892, Պոլիս)
Քաղուածաբար Հրաչեայ Աճառեանի յօդուածը, լոյս տեսած Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը»-ին մէջ, 1914, էջ 153:

Հայր Սերովբէ Տէրվիշեան ուսումը ստացաւ Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, ուր միաբան եղաւ 1864-ին եւ վարդապետ ձեռնադրուեցաւ 1866-ին: Վանքին մէջ արդէն առանձին եռանդով կը հետեւէր հայերէնի, յունարէնի, լատիներէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի: Բուն լեզուաբանական կրթութիւնն ստացաւ Վիեննայի համալսարանին մէջ, ուր կ’ուսումնասիրէր սանսկրիտ եւ պահլաւերէն լեզուները: Ասոնցմէ դուրս՝ Տէրվիշեան գիտէր նաեւ տաճկերէն եւ հին պարսկերէն: Թէ այնուհետեւ ո՛ւր եւ և ի՛նչպէս ապրեցաւ Տէրվիշեան եւ ի՞նչ պաշտօններ վարեց՝ յայտնի չէ ինձ, մինչեւ իր մահը:

Տէրվիշեանի առաջին լեզուաբանական գործն եղաւ գերմաներէն հատոր մը՝ «Das Altarmenische Ք», Վիեննա 1877: Այս գործը որ «Armeniaca» [Հայկականք] խորագրով լեզուաբանական ուսուﬓասիրութեանց շարքի մը առաջին հատորն է, կը պարունակէ հայերէն «Ք» գրին ուսուﬓասիրութիւնը, այս տառը պարունակող բոլոր հայերէն բառերու ստուգաբանութիւը եւայլն ձայնափոխութիւնները՝ որոնց ենթարկուած է այս տառը վերոյիշեալ բառերուն մէջ: Դժուար խնդիր մըն էր Տէրվիշեանի ձեռնարկած գործը, որովհետեւ «Ք» գիրը մինչեւ այսօր ալ շատ պարագաներու մէջ անլուծելի ﬓացած է՝ հակառակ բազմաթիւ լեզուաբաններու աշխատութեան (օրինակ՝ յոգնակիի ք վերջաւորութիւնը): Այս պատճառով զարմանալի չէ որ Տէրվիշեանի այս գործը չունեցաւ ցանկալի յաջողութիւնը եւ ենթակայ եղաւ Հիւբշմանի սուր քննադատութեան :

…  

1883 թուին՝ «Երկրագունտ» հանդէսին մէջ «Հայերէն թուերն» վերնագրով յօդուածներու շարք մը կը սկսի, որոնց մէջ մանրամասն կը քննէ հայերէն թուական անուններու ծագումը, մէկէն մինչեւ հազար եւ բիւր: Հետաքրքրական է ասոնց մէջ «երկու» բառին մասին տրուած բացատրութիւնը:

1885 թուին Տէրվիշեան կը հրատարակէ իր գլուխ գործոցը՝ «Հնդեւրոպական Նախալեզուն» (Պոլիս): Այս աշխատութիւնը հնդեւրոպական լեզուաբանութեան կոկիկ մէկ ամփոփուﬓ է: Համառօտ ներածութենէն մը ետք՝ ուր հեղինակը ընդհանուր բառերով կը քննէ լեզուներու ծագման եւ հնդեւրոպական մայր լեզուի տեսութիւնը, կ’անցնի նախալեզուի ուսուﬓասիրութեան: Առաջին երեք գլուխներով դուրս կը հանէ լեզուէն միջարկութիւնները, բնաձայնները եւ շողոմաբառերը, որոնք յետոյ յառաջացած բաներ են: Յաջորդ եօթը գլուխներով կը քննէ լեզուին բուն արմատները՝ որոնք գաղափարական արմատներ կը կոչէ եւ կ’ուսումնասիրէ բոլոր ներքին փոփոխութիւնները (աճում, սղում, յաւելում, սահմանատառ, տեղափոխութիւն), որոնցմով արմատները իրենց կերպարանքը կ’այլափոխեն կամ կը զարգանան: ԺԱ. գլխով կու տայ հնդեւրոպական նախալեզուին դերանունական արմատները, այսինքն անոնք՝ որոնցմէ կազմուած են դերանունները, նախդիրներն ու նախադրութիւնները, մակբայները եւ քանի մը կարեւոր նախամասնիկները: ԺԳ.-ԺԴ. գլուխները նախալեզուին քերականութիւնը կը ներկայացնեն, այն է բառակազմութիւն, մասնիկներ, թուականներ, հոլովում եւ խոնարհում: ԺԵ. գլուխը հնդեւրոպական նախացեղին քաղաքակրթութեան պատմութիւնն է, անոր ընտանեկան կազմութիւնը, բնակարանը, ներքին կառավարութիւնը, կրօնը, արհեստները եւայլն: Վերջին ԺԶ. գլուխը լեզուաբանութեան եւ յատկապէս հնդեւրոպական լեզուաբանութեան պատմութիւնն է, նաեւ հնդեւրոպական նախացեղին հայրենիքն ու դիմական նկարագիրը:

1887 թուին Տէրվիշեան հիմ դրաւ հայերէն առաջին լեզուաբանական հանդէսին, «Լեզու» անունով, որ ամբողջապէս հեղինակին գրչէն էր եւ դժբախտաբար տարի մը միայն տեւեց: «Լեզու»ն ընդարձակ ծաւալ մը չունէր. մէկ տարուան ընթացքին մէջ՝ ահաւասիկ հեղինակին հրատարակած հայ լեզուաբանական յօդուածներու ցանկը.

1.- Հայերէն թուերն (արտատպուած «Երկրագունտ»էն):

2.- Հայկականք Զ գիրը:

3.- Մի քանի, մի քիչ, ամէն ինչ եւայլն:

4.- Կ’ուզեմք, կ’ընեմք, կ’ըլլամք:

5.- Ելնել, կլնել:

6.- Արեւմտեան եւ արեւելեան գաւառալեզուաց հնչմունք:

7.- Պանդուխտ եւ պատանդ:

8.- Նաւակատիք, դաստիարակ, ատրճանակ:

9.- Քննութիւն քննադատութեան Տ. Քարաքաշեանի  (հնդեւրոպական նախալեզուի առիթով):

10.- Աղբիւր եւ լեզու (մը, մի ձեւերուն վրայ եւայլն):

11.- Վարդապետ, հրեշտակ, ապահարզան, Ներսէս, ասպ, սպիտակ:

12.- Խարազան եւ գաւազան:

13.- Հրեայ եւ ջհուդ:

14.- Դանդանաւանդ, յաւանակ:

15.- Հայ լեզու հնդեւրոպական, այլ ոչ արիական:

 

«Լեզու»ի խափանումէն յետոյ քիչ կեանք ունեցաւ Տէրվիշեան եւ այս միջոցին կը գրէր զանազան յօդուածներ «Արեւելք»ի, «Մասիս»ի, «Պատկեր»ի եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ի մէջ: Ասոնցմէ ինձ յայտնի են.

1.- Սահմրկիլ բառին քննութիւնը, «Արեւելք» 1891, Դեկտեմբեր 2:

2.- Քաղցր եւ գողտր բառերը, «Պատկեր» 1891, էջ 331-4:

3.- Մարդու անունը (ուր կարծիք կը յայտնէ թէ հայ բառը նախապէս կը նշանակէր «մարդ»), «Պատկեր», 1892, էջ 147-9:

4.- Ե՞րբ մեռեալ կը համարուի լեզու մը, «Հանդէս ամսօրեայ» 1892, էջ 5-6:

Այս երկուքը Տէրվիշեանի կարապի երգերն են. յատկապէս վերջինը աւելի ընդարձակ աշխատութեան մը յառաջաբանն է միայն՝ ուր պիտի պարզուէին այն նորամուծութիւնները որ աշխարհաբարը մտցուցած է գրաբարի մէջ, ուրիշ խօսքով աշխարհաբարի եւ գրաբարի տարբերութիւնները: ― «Յուշարձան»ի տուած տեղեկութենէն կ’երեւայ որ Տէրվիշեան պատրաստ ունէր նաեւ գերմաներէն ընդարձակ գրուածք մըն ալ՝ «Հայերէն Հ գիրը», իբր «Հայկականք»-ի շարունակութիւնը, բայց այս գործը մինչեւ այսօր անտիպ է:

[Երկայն պարբերութեան մը մէջ, մէջբերումէ մը յետոյ, Աճառեան կ՛եզրակացնէ.- «Տէրվիշեանի լեզուաբանական գաղափարները՝ լեզուաբանութեան ո՞ր դպրոցին» կը պատկանին].

… Տէրվիշեան չ’ընդունիր լեզուի աստուածային ծագումը եւ զայն ամբողջապէս մարդկային մտքի գործը կը համարէ: Ադամին լեզուն մեր ներկայ լեզուներուն մայրը չէ եւ եթէ կար ալ՝ կորսուած է: Գալով աշխարհիս բովանդակ լեզուներուն մէկ ծագում ունենալու սկզբունքին, որ նոյնպէս աստուածաշնչական գաղափարէ մը կը բխի եւ գիտութեան մէջ ընդունուած չէ, անոր ալ կողﬓակից չէ Տէրվիշեան…

Լեզուաբանները երկու խոշոր բաժանում ունեցած են. հին քերականներ եւ նոր քերականներ: Հին քերականներն անոնք են, որ քոյր լեզուներուն մէջ առանձին առաւելութիւն կու տային սանսկրիտ լեզուին եւ անոր ձայնական դրութիւնը կը համարէին ուղղակի նախալեզուին ձայնական դրութիւնը: Ասոնց կարծիքով, առաջին եւ նախնական ձանյաւորն է a, որմէ յետոյ i եւ u. այս երեքէն դուրս նախալեզուն ուրիշ ձայնաւոր չէր ճանչնար: Այս պատճառով է ահա որ հին քերականներու դրութիւնը կը կոչուի նաեւ a-ի սիսթեմ: Լեզուաբանները այնուհետեւ գտան որ այս կարծիքը սխալ է. քոյր լեզուներէն ոչ մէկը միւսներէն առաւելութիւն ունի. որովհետեւ եթէ կայ բան մը որ այս ինչին մէջ պահուած է, կան բաներ ալ որ ուրիշի մէջ պահուած են: Ձայնաւորներուն վրայ մասնաւորապէս խօսելով, տեսնուեցաւ որ արիական լեզուները, ասոնց մէջ նաեւ սանսկրիտը, շատ փոխուած են: Ձայնաւորներու աւելի հարազատ պատկերը պահած են յոյնը, լատինը, հայը եւայլն. սանսկրիտը յատկապէս e եւ o ձայները կորսնցուցած եւ զանոնք a-ի վերածած է: Այս օրէն սկսաւ նոր քերականներու դպրոցը, որ այսօր միակ տիրողն է:

Փոքր ակնարկ մը Տէրվիշեանի գործին վրայ բաւական է ցուցնելու որ Տէրվիշեան կը պատկանի հին քերականներու դպրոցին. իր «Հնդեւրոպական Նախալեզու»ի ԺԱ. գլխուն մէջ շարուած բոլոր արմատները a, i եւ u ձայնաւորները միայն գիտեն:

Անցնինք հիմայ բուն հայագիտութեան:

Հայ լեզուաբանութիւնն ալ երկու գլխաւոր դպրոց ունեցած է. Արիական դպրոց եւ Հայկական դպրոց: Արիական դպրոցին կողմնակիցները կը կարծէին որ հայերէնը հնդիկ-իրանական լեզուախումբին պատկանող լեզու մըն է, իբրեւ այս ճիւղին մէկ զաւակը: Այս կարծիքէն էին բոլոր հին քերականները: Այն ժամանակ երբ Տէրվիշեան կը հրատարակէր իր առաջին լեզուաբանական գործը «Ք» գրին վրայ, արդէն Հիւբշման հրատարակեր էր իր հռչակաւոր տեսութիւնը հայերէն լեզուի վրայ, որով մեր լեզուն կ’ըլլար ո՛չ թէ դուստր իրանեան ճիւղին, այլ անոր մէկ անկախ քոյրը: Նոր քերականները յարեցան այդ դրութեան, որ այսօր միակ տիրող գիտական դրութիւնն է: Բայց Հիւբշմանի դրութիւնը մէկ անգամէն չընդունուեցաւ լեզուաբաններու կողմէ: Հին դրութեան պատկանող երկու գլխաւոր հայագէտներ՝ Միւլլեր եւ Լագարդ, ցմահ կռուեցան անոր դէմ, միշտ ջանալով նախկին դրութիւնը պաշտպանել ու ջատագովել: Տէրվիշեան, իր «Հնդեւրոպական Նախալեզու»ին մէջ, դժբախտաբար մայր լեզուին ճիւղերուն եւ բաժանմունքներուն վրայ չի խօսիր, հետեւաբար կարելի չէ անմիջապէս իմանալ իր կարծիքը հայերէնի մասին: Այս պատճառով մեզի ուղեցոյց պիտի առնենք այն հայերէն բառերու ստուգաբանութիւնը՝ որոնց ցանկը դրած է Տէրվիշեան իր գրքին ետեւը: Արիական եւ Հայկական դպրոցները իրարմէ կը զանազանին յատկապէս անով, որ բազմաթիւ հայերէն բառեր առաջին դպրոցին համար բնիկ հայ են, իսկ երկրորդ դպրոցին համար իրանեանէն փոխառութիւն: Արդ՝ Տէրվիշեան շատ տեղ յայտնի կերպով կ’ըսէ, որ այդ բառերը փոխառութիւն են ինչպէս՝ ատր, ատրագոյն, ատրուշան, ատրճանակ, դանդանաւանդ, կամար, հազար, հրաման, հրասախ, պատկանդարան, տօթ, տապակ եւայլն: Բայց խումբ մը ուրիշ բառերու համար չի յիշեր, թէ փոխառութիւն են եւ իբր բնիկ կը մեկնէ, ինչպէս՝ անգամ, ասպատակ, առասան, աւսարդ, բաշխել, գրաւ, համակ, մարդ, մէգ, մէզ, ուխտ, վարս, տապ, եւայլն եւայլն:

Ասկէ կ’երեւայ, որ Տէրվիշեան դեռ իր վճռական որոշումը տուած չէ, երկու դպրոցներուն միջեւ վարանոտ կանգնած է: Իր ստացած կրթութիւնը առաջինին մէջ պահել կ’ուզէր զինքը, բայց իր հանճարեղ միտքը եւ իր առողջ դատողութիւնը կը քաշէին կը մղէին դէպի երկրորդը: Տէրվիշեան կրցաւ վերջապէս թափ տալ իրմէ նախապաշարմունքը եւ վճռեց անցնիլ երկրորդ բանակին: Այն ժամանակ ահա գրեց իր մէկ յօդուածը՝ «Հայ լեզուն հնդեւրոպական, այլ ոչ արիական» («Լեզու», 1887, էջ 150-152): Ի՞նչ ծառայութիւն մատոյց Տէրվիշեանը հայ լեզուաբանութեան զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար, ի՞նչ նպաստ բերաւ իր կողմէ գիտութեան լայն գանձարանին մէջ: Դժբախտաբար մեծ բան մը չէ Տէրվիշեանի կատարած գործը ընդհանուր գիտութեան տեսակէտով, հիմնական ուսումնասիրութիւնը մը՝ որ որեւիցէ գիտական խնդիր մը լուսաբանէր, չէ տուած Տէրվիշեան: Շատ բաներու պէտք ունի հայերէն լեզուի ուսումնասիրութիւնը.- Հայերէն արմատներու բառարան մը, գաւառական բառարան, հոմանիշներու բառարան, պատմական բառարան, տեղագրական բառարան, բարբառներու ուսումնասիրութիւններ, հայ լեզուի պատմութիւնը, հայ լեզուաբանութեան պատմութիւն մը, մինչեւ իսկ հայ լեզուաբանութեան վերաբերեալ գրքերու եւ յօդուածներու հասարակ ցանկ մը, եւայլն եւայլն: Ասոնք աշխատութիւններ են՝ որոնք անպատճառ պէտք է որ կատարուին՝ ծառայելու համար իբրեւ գործիք ապագայ հիմնական ուսումնասիրութեանց: Տէրվիշեան կրնար ասոնցմէ գոնէ մէկը պատրաստել, եւ այն ժամանակ իր անունը միշտ եւ միշտ պիտի յիշուէր շնորհակալութեամբ: Տէրվիշեան չտուաւ այսպիսի գործ մը. նա գրեց միայն մանր յօդուածներ, որոնցմէ շատը անցողական նշանակութիւն ունի: Ասոնց մէջ սակայն Տէրվիշեան ունի մասնաւոր արժանիք մը, որ մինչեւ այսօր անտեսուած է գիտուններուն կողմէն: Տէրվիշեան տուած է խումբ մը հայերէն բառերու ճիշդ ստուգաբանութիւնը, որ իրաւունք ունի գիտութեան սեփականութիւն դառնալու: Եւրոպացի գիտունները կարող չըլլալով օգտուիլ հայերէն գրքերէ, տեսած չեն նաեւ Տէրվիշեանի ստուգաբանութիւնները: Մինչեւ անգամ «Altarmenische Ք» հատորը քիչ ծանօթ է: Եւ կը պատահի շատ անգամ որ նոր միայն կ’առաջարկէին ա՛յնպիսի ստուգաբանութիւններ՝ որ տարիներ առաջ Տէրվիշեան արդէն առաջարկած էր: Շատերէն իբր օրինակ կը յիշեմ դգալ, գդալ, տարգալ, եւ ցրիւ, ցուիք բառերուն ստուգաբանութիւնը: Առաջինը՝ իբրեւ ցեղակից սանսկրիտ darva «դգալ», լատ. trua, trûlla «շերեփ» բառերուն՝ առաջարկած էր Տէրվիշեան նախապէս «Altarmenische Ք», եւ «Հնդեւրոպական Նախալեզու», կրկնէ Liden (Arm. Stud. 66): Երկրորդը համեմատած էր սանս. sku «ծածկել» արմատին հետ (Altarm. 47), զոր կրկնեց անկախաբար Meillet:

Սակայն Տէրվիշեան ուրիշ մեծ եւ անգնահատելի ծառայութիւն մըն ալ ունի մեր ազգին առջեւ: Անիկա մեր ուսուցիչն է: «Հնդեւրոպական Նախալեզու»-ին նման ամփոփ, դիւրատար, մատչելի, ժողովրդական, պարզ գիրք մը՝ որ հնդեւրոպական լեզուաբանութեան ամբողջ ուսումը ամփոփէր իր մէջ, ո՛չ միայն մեր, այլ եւ ամբողջ եւրոպական գրականութեան մէջ ալ չկար այն ժամանակ: Նորերս միայն հրատարակուեցան Meringer-ի «Indogermanische Spachwissenschaft» (գերմաներէն), Meillet-ի «Introduction à l’étude comparative des langues indo-européennes» (ֆրանսերէն), Թոմսոնի «Общее языковедение» (ռուսերէն) գրքերը, բայց ասոնցմէ առաջինը շատ աւելի համառօտ է, միւս երկուքը շատ աւելի ընդարձակ, այնու ամենայնիւ չունին դարձեալ հնդեւրոպական արմատներու ստուգաբանական բառարանը՝ որ կայ Տէրվիշեանի գործին մէջ:

Տէրվիշեանի գործն եղաւ որ ճանչցուց մեզի լեզուաբանութիւնը, մտցուց մեր մէջ այդ գիտութեան ճաշակը եւ անոնք՝ որոնց մէջ կոչում կար դէպի այդ գիտութիւնը՝ առաջնորդեց ու լուսաւորեց: Ես չեմ ճանչնար մեր գրողներուն մէջ մէկը՝ որ գիտական լեզուաբանութեան մասին գրիչ շարժէ՝ եւ օգտուած չըլլայ Տէրվիշեանի գործէն: Կան այնպիսիները՝ որոնք մի՛միայն Տէրվիշեանի գիրքը գիտեն եւ ինչքա՜ն փոխառութիւններ կ’ընեն անկէ՝ շատ անգամ առանց հեղինակը յիշելու:

Խօսելով մասնաւորապէս իմ մասիս, իբրեւ մէկու մը՝ որ հայ լեզուաբանութիւնը իրեն սիրելի մասնաճիւղ է ընտրած, կը խոստովանիմ, որ մեծ ազդեցութիւն գործած է իմ վրաս Տէրվիշեանի գիրքը. հոն ըրած եմ իմ առաջին քայլերս, հոնկէ ստացած եմ լեզուաբանութեան մասին իմ առաջին տեղեկութիւններս: Ուստի եւ չեմ դանդաղիր Տէրվիշեանը իմ առաջին ուսուցիչս կոչելու:

1913 սեպտեմբեր 4, Նոր-Նախիջեւան

Հրաչեայ Աճառեան

 


Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).