Mgr Arsen AYDENIAN (7/19 janv. 1825, Constantinople – 8/21 juillet 1902, Vienne, Autriche)
Արսէն Արքեպ. ԱՅՏԸՆԵԱՆ (7/19 յունուար 1825, Պոլիս – 8/21 յուլիս 1902, Վիեննա)

Լեզուաբան-քերականագէտ` Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն: Տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու: Եղած է զանազան պաշտօններու վրայ, մինչեւ իսկ Ընդհ. Աբբահայր Վիեննայի Միաբանութեան: Հիմը դրած է «Հանդէս ամսօրեայ» հայագիտական պաշտօնաթերթին, ուր տուած է նաեւ լեզուաբանական բազմաթիւ գրութիւններ: Այտընեանի մեծ վաստակը եղած է «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» գործը (1866), որ հայերէնագիտութեան համար կը կազմէ մեծարժէք արտադրութիւն մը, հսկայական դեր մը ստանձնելով աշխարհաբար լեզուի ճանաչումի հարցին մէջ: Յարգելով հանդերձ գրաբար հայերէնը` ցոյց տալով անոր կատարած մեծ դերը, շեշտած է միաժամանակ որ աշխարհաբար հայերէն լեզուն կը համապատասխանէ ժամանակակից Հայ ժողովուրդի մտածողութեան եւ ժամանակը հասած է այլեւս որ ասպարէզը տրուի անոր:

Այտընեանի գործը մեծ է եւ մինչեւ այսօր կը պահէ իր այժմէութիւնը: Տակաւին ո`չ մէկ քերականագէտ ելած է իրմէ ետք, որ մեթոտով, ձեւով եւ ամբողջական տեսութեամբ գերազանցած ըլլայ այդ գործը:

Կարդալ գրութիւն մը Հ. Արսէն Վ. Այտընեանէն Մաշտոցի մասին:

Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի>>


Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).