Արսէն Արքեպ. ԱՅՏԸՆԵԱՆ (7/19 յունուար 1825, Պոլիս – 8/21 յուլիս 1902, Վիեննա)
Լեզուաբան-քերականագէտ` Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն: Տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու: Եղած է զանազան պաշտօններու վրայ, մինչեւ իսկ Ընդհ. Աբբահայր Վիեննայի Միաբանութեան: Հիմը դրած է «Հանդէս ամսօրեայ» հայագիտական պաշտօնաթերթին, ուր տուած է նաեւ լեզուաբանական բազմաթիւ գրութիւններ: Այտընեանի մեծ վաստակը եղած է «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» գործը (1866), որ հայերէնագիտութեան համար կը կազմէ մեծարժէք արտադրութիւն մը, հսկայական դեր մը ստանձնելով աշխարհաբար լեզուի ճանաչումի հարցին մէջ: Յարգելով հանդերձ գրաբար հայերէնը` ցոյց տալով անոր կատարած մեծ դերը, շեշտած է միաժամանակ որ աշխարհաբար հայերէն լեզուն կը համապատասխանէ ժամանակակից Հայ ժողովուրդի մտածողութեան եւ ժամանակը հասած է այլեւս որ ասպարէզը տրուի անոր:
Այտընեանի գործը մեծ է եւ մինչեւ այսօր կը պահէ իր այժմէութիւնը: Տակաւին ո`չ մէկ քերականագէտ ելած է իրմէ ետք, որ մեթոտով, ձեւով եւ ամբողջական տեսութեամբ գերազանցած ըլլայ այդ գործը:
Կարդալ գրութիւն մը Հ. Արսէն Վ. Այտընեանէն Մաշտոցի մասին:
Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի>>
Mesrop Machtots (vers 361, à Hatsegats, Arménie — 17 févr. 440, à Vagharchabad, Arménie)
Մեսրոպ Մաշտոց (մօտ 361, Հացեկաց - 17 փետ. 440, Վաղարշապատ)
Մ. Մաշտոց`ապակեպատուհանը
|
Մեսրոպ Մաշտոց ու հայ մշակոյթի ծաղկումը
Ժան Տէլիլ ու Ճիւտիթ Վուտվորթ
Ըստ աւանդութեան, հայ եկեղեցին առաքելական ծագում ունի, քանզի կ'ըսուի թէ Քրիստոսի տասներկու աշակերտներէն երկուքը՝ Ս. Բարթուղիմիոս եւ Ս. Թադէոս Հայաստան աւետարանած են: Չորրորդ դարու սկիզբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի (մօտ. 240-326) ներգործութեամբ, Հայաստան կը յարի քրիստոնէութեան: Հազիւ քանի մը ամսուան մէջ մօտ չորս միլիոն քրիստոնեաներու մկրտութիւնը կը նշէ Հայաստանի պաշտօնական դարձը: Ասիկա պատահած է 314ին, հազիւ անց Կոնստանտին եւ Լիկինիոս կայսրերու՝ քրիստոնէութիւնը հանդուրժող, սակայն այդ կրօնքին դեռ պաշտօնական ճանաչում չտուող, Միլանի հրովարտակը հռչակելէն: Շատ չանցած, Ս. Գրիգոր շինութիւն մը կը կառուցէ հեթանոսական սրբավայրի մը վրայ՝ Էջմիածնի եկեղեցին, քրոստոնեայ աշխարհի առաջին տաճարը:
Քրիստոնէութեան դարձը կը վճռէ հայոց ճակատագիրը: Քրիստոնեայ Արևմուտքի հեռաւոր սահմանին հաստատուած, հայ ժողովուրդը միշտ բարոյական անկախութեան, ուժեղ միասնութեան ու խիզախ մշակութային կենսունակութեան զօրեղ իմացում մը պիտի վայելէր: Նոյն ատեն, պիտի ապրէր դաժան մեկուսացում մը ու հարստահարումի ենթարկուէր պարսիկներու, արաբներու և թիւրքերու կողմէ:
Սկիզբը, Սուրբ Գիրքը Հայաստանի մէջ կ'աւանդուէր յունարէնով ու ասորերէնով: Կրօնական արարողութիւններու ժամանակ յաճախ թարգմանութիւնը հարկաւոր կը դառնար: Յունարէն և ասորերէն, երբեմն ալ պահլաւերէն, կը գործածուէր հասարարական վարչութեան համար, որովհետև անոնք միակ գրաւոր լեզուներն էին: Իբր հետեւանք, գրաւոր լեզուները անհրաժեշտաբար թարգմանութեան լեզուներ էին: Այդ միջոցին, Հայաստան պարսկական տիրապետութեան տակ էր: Պարսիկները հակառակ էին իրենց հակակշռին տակ եղող շրջաններուն մէջ յունական գրականութեան տարածման, վախնալով որ ատիկա Բիւզանդիոնի շահերուն պիտի ծառայէր: Միայն ասորերէն գրականութիւնն էր որ ընդունելի էր: Օտար լեզուներու գործածութիւնը մշակութային ու հասարակական վարչութեան ոլորտներուն մէջ լուրջ անպատեհութիւններ ունէր: Ուստի, հետզհետէ հրատապ կը դառնար հայերէն այբուբեն մը ստեղծելը:
Վրամշապուհի (392-414) իշխանութեան օրոք էր որ Մեսրոպ Մաշտոց (360-441) իր անգնահատելի ներդրումը բերաւ հայ մշակոյթին՝ հայերէն այբուբենը, զորս ան հնարեց 392ի եւ 406ի միջեւ: Տարօն գաւառի Հացեկացի ծնունդ, Մեսրոպ վարչական ու զինուորական շարք մը պաշտօններ վարած էր Արշակունի արքայական դիւանատան մէջ: Ունէր լեզուներու ընդունակութիւն, կը խօսէր յունարէն, պարսկերէն, ասորերէն, հայերէնի կողքին: Սիւնիքի (ներկայ Արցախ) նահանգը, ուր հեթանոսութիւնը դեռ տիրական էր, աւետարանելու առաքելութեամբ կը նախընտրէ դառնալ վանական: Հոն կը հաստատէ իր առաջին վանքերէն մին: Ապա ան իր քարոզչութիւնը կը տանի Գողթն, Նախիջեւանի արեւելքը: Սակայն, առանց Աստոածաշունչի թարգմանութեան, կը տեսնէ թէ դժուար էր հայերէնով քարոզել, ուստի կը դիմէ Սահակ Պարթեւի (Մեծն Սահակ), հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսի խորհուրդին:
Հայ լեզուին համար գրեր ստեղծելու գաղափարը բոլորովին նոր չէր: Դանիէլ անունով ասորի եպիսկոպոս մը զանազան այբուբեններու վերաբերեալ վաւերագրերու հսկայ հաւաքածոյ մը ունէր: Ասոնցմէ մէկուն մէջ ասորերէնի տարրերը գերիշխող էին: Մեսրոպ եւ Սահակ կը սկսին այս այբուբենը սորվեցնել փոքր մանուկներու, սակայն երկու տարի ետք փորձը ձախող կը նկատուի. գրելու այս համակարգը բաւարար չափով չէր արտայայտեր իրենց լեզուին ձայները: Մեսրոպ իր պրպտումները կը շարունակէ Ասորիքի, Եդեսիոյ ու Ամիդի մէջ: Այս վերջնոյն, կամ թերեւս Անտիոքի մէջ էր որ ան կը հաստատէ իւրաքանչիւր տառի հնչիւնաբանական պարունակը: Ետքը, Սամոսատի (այսօր՝ Սամսատ, Թիւրքիա) մէջ, ան գիրերու ձեւերը կը կատարելագործէ, Հռոփանոս անունով յոյն գեղագրութեան մասնագէտի մը աջակցութեամբ:
Հրաչեայ Աճառեան (1876, Պոլիս – 16 ապրիլ 1953, Երեւան)
Հրաչեայ Աճառեան հայ մեծագոյն լեզուաբանն է. իր մասնագիտութիւնը՝ հայ լեզուն ու անոր գաւառաբարբառները: Ան, իրաւամբ հայ բարբառագիտութեան հիմնադիրը կը նկատուի: 1895-ին կը ժամանէ Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի ու այլ հաստատութիւններու լեզուաբանական դասընթացքներուն: 1897-ին Փարիզի Լեզուաբանական ընկերակցութեան անդամ կ'ըտրուի: 1909-ին, Անթուան Մէյէի ղեկավարութեան տակ, կը ստանայ դոկտորայի վկայականը:
Ֆրանսերէն իր հրատակածները
« Croisements de mots en arménien », Mémoires de la Société de Linguistique - n° X, Paris, 1898
« Etude sur la langue laze », Mémoires de la Société de Linguistique - n° X, Paris, 1898
« Les explosives de l’ancien arménien », La Parole ou Revue internationale de Rhinologie, Otologie, Laryngologie et Phonétique expérimentale, Paris, 1899
« Gutturales issues de semi-occlusives par dissimilation », Mémoires de la Société de Linguistique - n° XIV, Paris, 1906-08
« Étymologies arméniennes », Mémoires de la Société de Linguistique - n° XV, Paris, 1908-1909
« Classification des dialectes arméniens », Champion, Paris, 1909
« Recueil de mots kurdes en dialecte de Novo-Bayazet », Mémoires de la Société de Linguistique - n° XVI, Paris, 1909-11
« Étymologies arméniennes » (suite), Mémoires de la Société de Linguistique - n° XX, Paris, 1918
« Étymologies arméniennes », Revue Études Arméniennes, III, Librairie Paul Geuthner, Paris, 1923
«Հայերէն արմատական բառարան», Ա. հրատ., 1926-1935:
«Լիակատար քերականութիւն Հայոց լեզուի՝ համեմատութեամբ 562 լեզուներու», 12 հատոր, Հայկական ՍՍՌԳԱ հրատ. Երեւան:
«Հայոց անձնանունների բառարան» 5 հատոր, Ա. հրատ., 1942-1962:
«Հայոց լեզուի պատմութիւն» 2 հատոր, 1942-1962:
«Մ. Մաշտոցի եւ գրերու գիւտի պատմութեան աղբիւրները ու անոնց քննութիւնը», 1907:
«Հայոց գրերը», 1925:
Ինչպէս նաեւ հին ձեռագրերու ցուցակներ:
Անթուան Մէյէ (11 նոյ. 1866, Մուլէն - 21 սեպտ. 1936, Շաթօմէյան)
Հիւբշմանէն ետք, Մէյէ եղած է միջազգային չափանիշով այն լեզուաբանը որ հայերէնին տուած է իր ճիշդ դիրքն ու արժէքը: Հայերէնը եղած է իր նախասիրութիւններուն կեդրոնը: Յիշենք նաեւ, որ ան եղած է նաեւ Հ. Աճառեանի երախտաշատ ուսուցիչը:
Նախ աշակերտ Կարիէրի՝ հետեւած է Հիւբշմանի դասախօսութիւններուն, եւ գացած է Վիեննա, Մխիթարեան վանքը ուր ուսած է հայերէնը հիմնապէս՝ Հ. Տաշեանի մօտ, 1890-1891-ին: Ապա անցած է Թիֆլիս, արեւելահայոց կեդրոնը եւ Էջմիածին, անկէ ալ Վենետիկ Մխիթարեաններու վանքը, ուր դարձած է Ս. Ղազարի կաճառին անդամ:
1902-1906՝ հայերէնի ուսուցչապետ է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու դպրոցին, եւ 1906-ին, դասախօս կարգուած բաղդատական քերականութեան՝ Գոլէժ Ֆրանս, ուր մնացած է 30 տարի: Իր ուսումներուն բերումով սկիզբէն իսկ շփում ունեցած է հնդեւրոպական լեզուներու հետ, եւ 1903-ին արդէն՝ հրատարակած իր կոթողական «Ներածութիւն հնդեւրոպական լեզուներու բաղդատական ուսումնասիրութեան»ը: Իր դասախօտութիւններու շարքին հրատարած է՝ «Սլաւական հասարակաց լեզուն», 1914, «Քերականութիւն հին պարսկերէնի», 1915, «Գերմաներէն լեզուներու ընդհանրական յատկանիշերը», եւայլն:
Խստապահանջ եւ վերապահ իբրեւ գիտնական, եղած է սակայն ջերմ հայասէր եւ մասնակցած ամէն տեսակ հայանպաստ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եւ գործօն անդամ եղած է Հայ Ազգային Պատուիրակութեան:
Ինք եղած է նաեւ հիմնադիրը՝ Շառլ Տիլի եւ Ֆրէտէրիք Մաքլէրի հետ՝ «Հայ ուսմանց հանդէս»-ին, որ գոյատեւած է 10 տարի:
Յիշենք իր գլխաւոր գործը հայերէնի մասին, լոյս տեսած նախ Վիեննա, 1903-ին եւ վերհրատարակուած 1962-ին, Լիզպոն: Մինչեւ այսօր՝ անշրջանցելի հեղինակաւոր աշխատանք մը:
Թարգմանեց՝ Ս.Պ.
Եոհան Հայնրիխ Հիւպշման (1 յուլիս 1848, Էրֆուրթ, Գերմանիա — 20 յունուար 1908, Ֆրայպուրկ, Գերմանիա)
Գերմանացի լեզուաբան, հայերէնագիտութեան հիմնադիր Գերմանիա:
Ուսումը ստացած է Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, մասնագիտանալով սեմական եւ արեւելեան լեզուներուն: 1874 մարտին մեկնած է Վենետիկ Մխիթարեան վանքը, ուր իւրացուցած է հայերէնը: 1875-ին ներկայացուցած է իր աւարտաճառը՝ Լայբցիկի համալսարանը, եւ 1876-ին կարգուած ուսուցչապետ իրանեան լեզուներու Լայբցիկ, եւ 1877-ին ալ Սթրազպուրկի համալսարանը՝ բաղդատական բանասիրութեան ճիւղին:
1875-էն իվեր՝ իր աշխատութիւններուն կեդրոնը կազմածէը հայերէն լեզուն: Ինքն է որ բերած է վերջնական փաստը, թէ հայերէնը մէկ անկախ ճիւղն է հնդեւրոպական լեզուախումբին, եւ ոչ թէ ստորակայ բարբառ մը իրանական կամ արիական ճիւղին: Իր այս տեսութիւնը բախած է նախ բուռն ընդիմութեան, բայց այսօր մաս կը կազմէ գիտական աշխարհին: Պարապ տեղ չէ որ ան արժանացած է հայոց հիացմունքին: Դժբախտաբար սակայն առաջին մասը միայն լոյս տեսած է իր «Հայերէն քերականութեան», ամբողջութեամբ յատկացուած ստուգաբանութեան: Իր ճիշդ դիտողութիւններով եւ եզրակացութեամբ՝ այս գործը կը մնայ մինչեւ օրս հիմնական ուղեցոյց: Իր միւս գործերէն յիշենք՝ «Հին Հայաստանի տեղագրական անունները», եւ շատ մը աշխատասիրութիւններ՝ հնդեւրոպերէնի հնչիւնական դրութեան, Օսետերէնի ստուգաբանութեան եւ հնչականութեան մասին, եւ այլ աշխատութիւններ պարսկերէնի վերաբերեալ: Նշենք նաեւ, որ ան ուսուցիչը եղած է Հ. Աճառեանի:
Մեռած ու թաղուած է Սթրազպուրկ:
Թարգմանեց՝ Ս.Պ.
JPAGE_CURRENT_OF_TOTAL
«ՍկիզբՆախորդ12ՅաջորդՎերջ»14/03/2024