Hratchia Adjarian (1876, Constantinople – 16 avril 1953, Erevan)
Հրաչեայ Աճառեան (1876, Պոլիս – 16 ապրիլ 1953, Երեւան)

Hratchia Adjarian

Հրաչեայ Աճառեան հայ մեծագոյն լեզուաբանն է. իր մասնագիտութիւնը՝ հայ լեզուն ու անոր գաւառաբարբառները: Ան, իրաւամբ հայ բարբառագիտութեան հիմնադիրը կը նկատուի: 1895-ին կը ժամանէ Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի ու այլ հաստատութիւններու լեզուաբանական դասընթացքներուն: 1897-ին Փարիզի Լեզուաբանական ընկերակցութեան անդամ կ'ըտրուի: 1909-ին, Անթուան Մէյէի ղեկավարութեան տակ, կը ստանայ դոկտորայի վկայականը:

Ֆրանսերէն իր հրատակածները

« Croisements de mots en arménien », Mémoires de la Société de Linguistique - n° X, Paris, 1898
« Etude sur la langue laze », Mémoires de la Société de Linguistique - n° X, Paris, 1898
 « Les explosives de l’ancien arménien », La Parole ou Revue internationale de Rhinologie, Otologie, Laryngologie et Phonétique expérimentale, Paris, 1899
 « Gutturales issues de semi-occlusives par dissimilation », Mémoires de la Société de Linguistique - n° XIV, Paris, 1906-08
 « Étymologies arméniennes », Mémoires de la Société de Linguistique - n° XV, Paris, 1908-1909
« Classification des dialectes arméniens », Champion, Paris, 1909
 « Recueil de mots kurdes en dialecte de Novo-Bayazet », Mémoires de la Société de Linguistique - n° XVI, Paris, 1909-11
 « Étymologies arméniennes » (suite), Mémoires de la Société de Linguistique - n° XX, Paris, 1918
 « Étymologies arméniennes », Revue Études Arméniennes, III, Librairie Paul Geuthner, Paris, 1923

Հայերէն գլխաւոր գիրքերը

«Հայերէն արմատական բառարան», Ա. հրատ., 1926-1935:
«Լիակատար քերականութիւն Հայոց լեզուի՝ համեմատութեամբ 562 լեզուներու», 12 հատոր, Հայկական ՍՍՌԳԱ հրատ. Երեւան: 
«Հայոց անձնանունների բառարան» 5 հատոր, Ա. հրատ., 1942-1962:
«Հայոց լեզուի պատմութիւն» 2 հատոր, 1942-1962:
«Մ. Մաշտոցի եւ գրերու գիւտի պատմութեան աղբիւրները ու անոնց քննութիւնը», 1907:
«Հայոց գրերը», 1925:
Ինչպէս նաեւ հին ձեռագրերու ցուցակներ:

Կարդալ Հ. Ներսէս Ակինեանի յօդուածը Աճառեանի մասին («Հանդէս ամսօրեայ», ԿԷ. Տարի 1953, Յուլիս-Սեպտեմբեր, էջ' 443-465):(pdf 1,3 Mo) 


 
Antoine Meillet (11 nov. 1866, Moulins - 21 sept. 1936, Châteaumeillant)
Անթուան Մէյէ (11 նոյ. 1866, Մուլէն - 21 սեպտ. 1936, Շաթօմէյան)

Antoine Meillet

Հիւբշմանէն ետք, Մէյէ եղած է միջազգային չափանիշով այն լեզուաբանը որ հայերէնին տուած է իր ճիշդ դիրքն ու արժէքը: Հայերէնը եղած է իր նախասիրութիւններուն կեդրոնը: Յիշենք նաեւ, որ ան եղած է նաեւ Հ. Աճառեանի երախտաշատ ուսուցիչը:

Նախ աշակերտ Կարիէրի՝ հետեւած է Հիւբշմանի դասախօսութիւններուն, եւ գացած է Վիեննա, Մխիթարեան վանքը ուր ուսած է հայերէնը հիմնապէս՝ Հ. Տաշեանի մօտ, 1890-1891-ին: Ապա անցած է Թիֆլիս, արեւելահայոց կեդրոնը եւ Էջմիածին, անկէ ալ Վենետիկ Մխիթարեաններու վանքը, ուր դարձած է Ս. Ղազարի կաճառին անդամ:

1902-1906՝ հայերէնի ուսուցչապետ է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու դպրոցին, եւ 1906-ին, դասախօս կարգուած բաղդատական քերականութեան՝ Գոլէժ Ֆրանս, ուր մնացած է 30 տարի: Իր ուսումներուն բերումով սկիզբէն իսկ շփում ունեցած է հնդեւրոպական լեզուներու հետ, եւ 1903-ին արդէն՝ հրատարակած իր կոթողական «Ներածութիւն հնդեւրոպական լեզուներու բաղդատական ուսումնասիրութեան»ը: Իր դասախօտութիւններու շարքին հրատարած է՝ «Սլաւական հասարակաց լեզուն», 1914, «Քերականութիւն հին պարսկերէնի», 1915, «Գերմաներէն լեզուներու ընդհանրական յատկանիշերը», եւայլն:

Խստապահանջ եւ վերապահ իբրեւ գիտնական, եղած է սակայն ջերմ հայասէր եւ մասնակցած ամէն տեսակ հայանպաստ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եւ գործօն անդամ եղած է Հայ Ազգային Պատուիրակութեան:

Ինք եղած է նաեւ հիմնադիրը՝ Շառլ Տիլի եւ Ֆրէտէրիք Մաքլէրի հետ՝ «Հայ ուսմանց հանդէս»-ին, որ գոյատեւած է 10 տարի:

Յիշենք իր գլխաւոր գործը հայերէնի մասին, լոյս տեսած նախ Վիեննա, 1903-ին եւ վերհրատարակուած 1962-ին, Լիզպոն: Մինչեւ այսօր՝ անշրջանցելի հեղինակաւոր աշխատանք մը:

Թարգմանեց՝ Ս.Պ.



Johann Heinrich Hübschmann (1er juillet 1848, Erfurt, Allemagne — 20 janvier 1908, Fribourg, Allemagne)
Եոհան Հայնրիխ Հիւպշման (1 յուլիս 1848, Էրֆուրթ, Գերմանիա — 20 յունուար 1908, Ֆրայպուրկ, Գերմանիա)

 Գերմանացի լեզուաբան, հայերէնագիտութեան հիմնադիր Գերմանիա: Hubschmann

Ուսումը ստացած է Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, մասնագիտանալով սեմական եւ արեւելեան լեզուներուն: 1874 մարտին մեկնած է Վենետիկ Մխիթարեան վանքը, ուր իւրացուցած է հայերէնը: 1875-ին ներկայացուցած է իր աւարտաճառը՝ Լայբցիկի համալսարանը, եւ 1876-ին կարգուած ուսուցչապետ իրանեան լեզուներու Լայբցիկ, եւ 1877-ին ալ Սթրազպուրկի համալսարանը՝ բաղդատական բանասիրութեան ճիւղին:

1875-էն իվեր՝ իր աշխատութիւններուն կեդրոնը կազմածէը հայերէն լեզուն: Ինքն է որ բերած է վերջնական փաստը, թէ հայերէնը մէկ անկախ ճիւղն է հնդեւրոպական լեզուախումբին, եւ ոչ թէ ստորակայ բարբառ մը իրանական կամ արիական ճիւղին: Իր այս տեսութիւնը բախած է նախ բուռն  ընդիմութեան, բայց այսօր մաս կը կազմէ գիտական աշխարհին: Պարապ տեղ չէ որ ան արժանացած է հայոց հիացմունքին: Դժբախտաբար սակայն առաջին մասը միայն լոյս տեսած է իր «Հայերէն քերականութեան», ամբողջութեամբ յատկացուած ստուգաբանութեան: Իր ճիշդ դիտողութիւններով եւ եզրակացութեամբ՝ այս գործը կը մնայ մինչեւ օրս հիմնական ուղեցոյց: Իր միւս գործերէն յիշենք՝ «Հին Հայաստանի տեղագրական անունները», եւ շատ մը աշխատասիրութիւններ՝ հնդեւրոպերէնի հնչիւնական դրութեան, Օսետերէնի ստուգաբանութեան եւ հնչականութեան մասին, եւ այլ աշխատութիւններ պարսկերէնի վերաբերեալ: Նշենք նաեւ, որ ան ուսուցիչը եղած է Հ. Աճառեանի:

Մեռած ու թաղուած է Սթրազպուրկ:

Թարգմանեց՝ Ս.Պ.

 


 

JPAGE_CURRENT_OF_TOTAL

«ՍկիզբՆախորդ12ՅաջորդՎերջ»
Վերջին այժմէացում
14/03/2024
Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).