Mesrop Machtots  (vers 361, à Hatsegats, Arménie — 17 févr. 440, à Vagharchabad, Arménie)
Մեսրոպ Մաշտոց (մօտ 361, Հացեկաց - 17 փետ. 440, Վաղարշապատ)


Machtotz

 

Մ. Մաշտոց`ապակեպատուհանը
Տեսինի (Ֆրանսա) Սուրբ Աստուածածին
հայոց առաքելական եկեղեցիին մէջ
(Նկար՝ Ֆիլիփ Փիլիպպոսեան)

 

Մեսրոպ Մաշտոց ու հայ մշակոյթի ծաղկումը

Ժան Տէլիլ  ու Ճիւտիթ Վուտվորթ

Հայաստանի քրոստոնէցում (ընդունուած թուական ՝ 301)

Ըստ աւանդութեան, հայ եկեղեցին առաքելական ծագում ունի, քանզի կ'ըսուի թէ Քրիստոսի տասներկու աշակերտներէն երկուքը՝ Ս. Բարթուղիմիոս եւ Ս. Թադէոս  Հայաստան աւետարանած են: Չորրորդ դարու սկիզբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի (մօտ.  240-326) ներգործութեամբ, Հայաստան կը յարի քրիստոնէութեան: Հազիւ քանի մը ամսուան մէջ մօտ չորս միլիոն քրիստոնեաներու մկրտութիւնը կը նշէ Հայաստանի պաշտօնական դարձը: Ասիկա պատահած է 314ին, հազիւ անց Կոնստանտին եւ Լիկինիոս կայսրերու՝ քրիստոնէութիւնը հանդուրժող, սակայն այդ կրօնքին դեռ պաշտօնական ճանաչում չտուող, Միլանի հրովարտակը հռչակելէն: Շատ չանցած, Ս. Գրիգոր շինութիւն մը կը կառուցէ հեթանոսական սրբավայրի մը վրայ՝ Էջմիածնի եկեղեցին, քրոստոնեայ աշխարհի առաջին տաճարը:

Քրիստոնէութեան դարձը կը վճռէ հայոց ճակատագիրը: Քրիստոնեայ Արևմուտքի հեռաւոր սահմանին հաստատուած, հայ ժողովուրդը միշտ բարոյական անկախութեան, ուժեղ միասնութեան ու խիզախ մշակութային կենսունակութեան զօրեղ իմացում մը պիտի վայելէր: Նոյն ատեն, պիտի ապրէր դաժան մեկուսացում մը ու հարստահարումի ենթարկուէր պարսիկներու, արաբներու և թիւրքերու կողմէ:

Հայերէնի համար՝ սեփական այբուբենի անհրաժեշտութիւն

Սկիզբը, Սուրբ Գիրքը Հայաստանի մէջ կ'աւանդուէր յունարէնով ու ասորերէնով: Կրօնական արարողութիւններու ժամանակ յաճախ թարգմանութիւնը հարկաւոր կը դառնար: Յունարէն և ասորերէն, երբեմն ալ պահլաւերէն, կը գործածուէր հասարարական վարչութեան համար, որովհետև անոնք միակ գրաւոր լեզուներն էին: Իբր հետեւանք, գրաւոր լեզուները անհրաժեշտաբար թարգմանութեան լեզուներ էին: Այդ միջոցին, Հայաստան պարսկական տիրապետութեան տակ էր: Պարսիկները հակառակ էին իրենց հակակշռին տակ եղող շրջաններուն մէջ յունական գրականութեան տարածման, վախնալով որ ատիկա Բիւզանդիոնի շահերուն պիտի ծառայէր: Միայն ասորերէն գրականութիւնն էր որ ընդունելի էր: Օտար լեզուներու գործածութիւնը մշակութային ու հասարակական վարչութեան ոլորտներուն մէջ լուրջ անպատեհութիւններ ունէր: Ուստի, հետզհետէ հրատապ կը դառնար հայերէն այբուբեն մը ստեղծելը:

Վրամշապուհի (392-414) իշխանութեան օրոք էր որ Մեսրոպ Մաշտոց (360-441) իր անգնահատելի ներդրումը բերաւ հայ մշակոյթին՝ հայերէն այբուբենը, զորս ան հնարեց 392ի եւ 406ի միջեւ: Տարօն գաւառի Հացեկացի ծնունդ, Մեսրոպ վարչական ու զինուորական շարք մը պաշտօններ վարած էր Արշակունի արքայական դիւանատան մէջ: Ունէր լեզուներու ընդունակութիւն, կը խօսէր յունարէն, պարսկերէն, ասորերէն, հայերէնի կողքին: Սիւնիքի (ներկայ Արցախ) նահանգը, ուր հեթանոսութիւնը դեռ տիրական էր, աւետարանելու առաքելութեամբ կը նախընտրէ դառնալ վանական: Հոն կը հաստատէ իր առաջին վանքերէն մին: Ապա ան իր քարոզչութիւնը կը տանի Գողթն, Նախիջեւանի արեւելքը: Սակայն, առանց Աստոածաշունչի թարգմանութեան, կը տեսնէ թէ դժուար էր հայերէնով քարոզել, ուստի կը դիմէ Սահակ Պարթեւի (Մեծն Սահակ), հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսի խորհուրդին:

Հայ լեզուին համար գրեր ստեղծելու գաղափարը բոլորովին նոր չէր: Դանիէլ անունով ասորի եպիսկոպոս մը զանազան այբուբեններու վերաբերեալ վաւերագրերու հսկայ հաւաքածոյ մը ունէր: Ասոնցմէ մէկուն մէջ ասորերէնի տարրերը գերիշխող էին: Մեսրոպ եւ Սահակ կը սկսին այս այբուբենը սորվեցնել փոքր մանուկներու, սակայն երկու տարի ետք փորձը ձախող կը նկատուի. գրելու այս համակարգը բաւարար չափով չէր արտայայտեր իրենց լեզուին ձայները: Մեսրոպ իր պրպտումները կը շարունակէ Ասորիքի, Եդեսիոյ ու Ամիդի մէջ: Այս վերջնոյն, կամ թերեւս Անտիոքի մէջ էր որ ան կը հաստատէ իւրաքանչիւր տառի հնչիւնաբանական պարունակը: Ետքը, Սամոսատի (այսօր՝ Սամսատ, Թիւրքիա) մէջ, ան գիրերու ձեւերը կը կատարելագործէ, Հռոփանոս անունով յոյն գեղագրութեան մասնագէտի մը աջակցութեամբ:

Երբ Հայաստան կը վերադառնայ, արդէն երեսունվեց գիրերով այբուբենի մը բոլոր տարրերը ունէր ի ձեռին. այս այբուբենին վրայ տասներկրորդ դարու վերջերը երկու գիր եւս կ'աւելցուին, ամբողջացնելով այն ինչ դասական հայերէնի այբուբենը կը համարուի: Մեսրոպ վանկերը կազմելու, ձայնաւորներ ներմուծելու եւ ձախէն աջ գրելու յունական օրէնքներուն հետեւած է, ի տարբերութիւն ասորերէնի ու այլ սեմական լեզուներու: Իր փոխառութեանց մանրամասները տակաւին կրքոտ կերպով կը բանավիճուին, սակայն «հայերէնի համակարգին հիմքը էապէս այբբենական է եւ յունական: Ատիկա ածանցուած յունական է, ինչպէս գոթերէնի կամ սլաւոներէնի համակարգը: Ճիշդ ինչպէս գոթերէնի համակարգը յունական է լատին եւ ռունական գիրերով ածանցուած, հայերէնի համակարգն ալ յունական է, ածանցուած ոչ-յունական կամ սեմական գիրերով»: Մեսրոպի այբուբենի հնչիւնաբանականօրէն ճշգրիտ է՝ կը պարունակէ քսաներկու նշան որոնք յունարէնի կը համընկնին, եւ տասնչորս ուրիշներ որոնք կը նշեն ձայներ, որոնք իւրայատուկ են հայերէնին:

Թարգմանութիւններ

Անգամ մը որ այբուբեն մը ունեցան իրենց տրամադրութեան տակ, Մեսրոպ, Սահակ ու իրենց աշակերտները կը սկսին Ս. Գիրքը հայերէնի թարգմանել: Յունարէն նախօրինակին բնագիրը ձեռք բերելու համար Սահակ Մեսրոպն ու Գինթ եպիսկոպոսը կ'ուղարկէ Թէոդոս Բ. կայսեր Բիւզանդիոնի արքունիք: 431ի ու 435ի միջեւ, Սահակ եւ Մեսրոպ իրենց աշակերտներէն երկուքը՝ Եզնիկն ու Յովսէփը, կ'ուղարկեն Եդեսա, ուր Աստուածաշունչը պէտքէր ասորերէն բնագրէն թարգմանէին հայերէնի: Եզնիկ եւ Յովսէփ ապա կջուղղուին Բիւզանդիոն, ուր կը սորվին յունարէն, այդ լեզուէն ալ թարգմանելու համար: Ուրիշ թարգմանիշներ՝ Թեւոնդիոս Վանադեցի ու Կորիւն Սքանչելի կը միանան Եզնիկին ու կը դառնան իր խումբին մէկ մասը: Անգամ մը որ իրենց գործը կ'աւարտեն, անոնք կը թողուն Բիւզանդական կայսրութիւնը եւ կ'ուղղուին տուն: Իրենց հետ կը բերեն Աստուածաշունչի օրինակներ, հայրաբանական բնագրեր ու Նիկիոյ եւ Եփեսոսի ժողովներու կանոնագրքերը:

Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցական բնագրերը թարգմանած էին յունարէն օրինակներէ, որոնք թերի էին կամ ոչ-ճշգրիտ: Կոստանդնուպոլիսէն բերուած օրինակները իրենց առիթ կու տայ նախկին փորձերը վերանայելու: Ս. Գրքի թարգմանութիւնը կ'օժանդակէ Հայաստանի մէջ լայնատարած գրագիտութեան ու աւետարանչութեան խթանումին: Անգամ մը որ Աստուծաշունչը ամբողջացաւ, երկրի առաջնորդները ծրագիր մը մշակեցին որ ապշեցուցիչ կերպով արդիական է էութեամբ. անոնք ձեռնարկեցին ամբողջ բնակչութիւնը գրագէտ դարձնել հանրային դպրոցներու ցանց մը ստեղծելով: Այսպիսով, անոնք կը յուսային կերտել ուժեղ քաղաքական ու մշակութային ինքնութիւն մը, որ պիտի զօրացնէր ազգին դիմադրութիւնը Բիւզանդիայի եւ պարսիկներու կողմէ ձուլումին:

Այբուբէնի գիւտը կը նշէ հայ գրականութեան ոսկեայ դարաշրջանի սկիզբը:  Ի յաւելումն սրբազան բնագրերու, կը թարգմանուին համաշխարհային գլուխգործոցներէն շատերը՝ պատմագիտական, փիլիսոփայական եւ ուսողական երկեր, Արիստոտելի, Պղատոնի, Քսենոնի եւ Եւսեպիոսի նման հեղինակներէ: Ասիկա առաջնորդեց նաեւ ինքնագիր գործերու արտադրութեան, բնագաւառներու լայն տեսադաշտի վրայ գրուած տարբեր ժանրերու՝ պատմաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, աշխարհագրութիւն, ուսողութիւն, աստղագիտութիւն, տիեզերաբանութիւն եւ բժշկագիտութիւն: Մեսրոպի եւ Սահակի շնորհիւ, Հայաստան ի վիճակի էր ոչ միայն իր մտաւորական դրամագլուխը կառուցել, այլ նաեւ ինքնուրոյն նպաստ մը բերել քաղաքակրթութեան՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին:

Ըստ Կորիւնի գրուածքներուն, որոնք հաւաստի կը համարուին պատմաբան Գէորգես Դիւմեզիլի կողմէ, Մեսրոպ, հայերէն այբուբենը համալրելէ ետք, այբուբեն մը ստեղծած է աղուաններուն համար: Այս վաղուց կորած այբուբենը յայտնաբերուեցաւ Էջմիածնի մէջ պահուող ձեռագրի մը մէջ: Իրեն կը վերագրուի նաեւ վրացական այբուբենի գիւտը, թէեւ պատմաբանեերը միաձայն չեն այս կէտին մէջ: «Կարելի է որ Մեսրոպի աշխատանքը վրացիներն ու աղուանները քաջալերած ըլլայ իրենքիրենց ազգային այբունենը ստեղծելու: Սակայն կարելի չէ այս գիւտերը լրիւ իրեն վերագրելու, ինչպէս ըրած է իր կենսագիր ու աշակերտ Կորիւնը, շարժելով իր վարպետին նկատմամբ միամիտ հիացումէն քան ազգային հպարտութենէ»:

Մեսրոպի մահէն քիչ անց Կորիւն գրած է անոր կենսագրութիւնը: Այդտեղ, հայերէնով գրուած առաջին նշանակալից ինքնագիր երկը, Կորիւն կը շարադրէ վարքագիրի մը եռանդով, յատկապէս երբ կը նկարագրէ Մեսրոպի ժամանումը Վաղարղապատի (այսօր ծանօթ իբր Էջմիածին) տաճարը, Առակացի իր թարգմանութիւնը գրկած, ինչպէս Մովսէս կ'իջնէր Սինայի լեռնէն Տասնաբանեայով:

Սուրբ թարգմանիչններ

Մեսրոպի ժողովրդականութիւնը, զուգորդուած մշակութային նիւթերու նկատմամբ լայնատարած հետաքրքրութեան, հայ ժողովուրդի հաւաքական երեւակայութիւնը սնած է: Իր նուաճումները ամէն տարի կը փառաբանուին Թարգմանչաց կոչուած տօնով մը: Ատիկա կը նշէ դպրոցական տարուան վերամուտը եւ կը պատուէ թարգմանիչները, գրողներն եւ ուսուցիչները – անոնք որոնց առաքելութիւնն է վերալիցքաւորել ազգին մտաւորական պաշարները եւ ձուլել նոր սերունդը: Մեսրոպի պատկերը, ազգային իսկական սրբանկար մը, եւ իր այբուբենը շատ մը դասագիրքերու կողքերը կը զարդարեն:

Էջմիածնի տաճարին մէջ, նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի 1985ին շինուած կոպելէն գործուածք մը դիւցազներգականօրէն կը պատկերէ այբուբենին ընծայումը Վրամշապուհ թագաւորի արքունիքին: Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ Մեսրոպի պատկառազդու մէկ արձանը կանգնած է առջեւը ազգային Մատենադարանին, որ իր անունը կը կրէ եւ տունն է մօտ տաս հազար հազուագիւտ ձեռագրերու, անգնահատելի ազգային գանձ մը:

Անգլերէնէ թարգմանուած՝ Երուանդ Գոչունեանի կողմէ

Քաղուած՝ Translators through History (Թարգմանիչներ պատմութեան ընթացքին) հատորի Translators and the invention of alphabets (Թարգմանիչներ եւ այբուբեններու գիւտեր) գլուխէն, խմբագրութիւն՝ Ժան Տէլիլ եւ Ճիւտիթ Վութվորթ, 1995, էջ՝ 13-15:
John Benjamins Publishing Company, Amsterdam/Philadelphia, բարեհաճ թոյլտուութեամբ: www.benjamins.com

 

Machtotz, Tapisserie Matenadaran - Mesrop Machtots et son disciple Korioun

Այբուբենի ընծայումը
Վռամշապուհ թագաւորի Արքունիքին
(Էջմիածնի)

Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին առջեւ,
իր աշակերտ Կորիւնը՝ ծունկի
(Մատենադարան, Երեւան)

Հ. Արսէն Այտընեանի վկայութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի մասին՝ քաղուած հ. Սահակ Լ. Կոքեանի Հայերէն քերականութիւն հատորէն, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1949, էջ 238 (pdf, 446 Ko)

Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).