Շնորհակալութեան խօսք

 

Յարգելի Ատենապետ,

Տեարք եւ Տիկնայք, Սիրելի բարեկամներ,

Ֆրանսախօսութեան շարժումէն ներս, ոմանք, այր թէ կին, կը ստանձնեն բնականօրէն ֆրանսերէնի պաշտպանութիւնը եւ կը ջանան նպաստել անոր զարգացման։ Սփիւռքի աշխարհացրիւ հայութիւնը, նոյնպէս, մտահոգ է իր բնածին լեզուին՝ արեւմտահայերէնի ճակատագրով։ Իր հայրենիքէն արտաքսուած, իր բնօրրանին մէջ բնաջնջուած հայ ժողովուրդին մեզ զօդող ամենէն կարեւոր կապը հայերէնն է։

Այսպիսով, շնորհիւ Ժան-Մարսէլ Լօժինիի նման բարեկամներու քաջալերանքին, գաղափարն ունեցանք անհնարին թուացող արկածախնդրութեան մը ձեռնարկելու - այն է՝ ստեղծումը մասնագիտական բառարանի մը որ համատեղէր համակարգչային եզրերը՝ անգլերէն-ֆրանսերէն-արեւմտահայերէն զուգորդութեամբ: Նշենք որ այս վերջինն ալ մաս կը կազմէ Ֆրանսայի լեզուներուն (ըստ DGLFLF-ի. «Սակաւածանօթ այլ յոյժ ստեղծագործ ժառանգ մը, որ իր նպաստն ունի մեր երկրի մշակոյթի ստեղծագործ զարգացման եւ անոր պայծառութեան եւ տարածումին»): Հարկադրուած եմ ըսելու թէ այս լեզուն, UNESCO-ի իսկ հաստատումով, «կորստեան վտանգի ենթակայ» լեզու մըն է:

 Թոյլ տուէք որ քանի մը բառով ներկայացնեմ ձեզի իրողութիւնը:

Հայերէնը այն 23 լեզուներէն մին է որ ունի իւրայատուկ այբուբեն: Աւելին, անոր գիւտարարն ալ ծանօթ է - Մեսրոպ Մաշտոց, բացառիկ գիտնական մը որ հայերէնի համար՝ 401-ին? հնարեց նշանախեցեր որոնք լրիւ կը վերահանեն լեզուին ամէն մէկ հնչիւնը: Իր կատարելութեամբ հայերէն այբուբենը իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ գիրերու պատմութեան մէջ: Նա հնարեց ուրիշ երկու այբուբեններ եւս, վրացերէնի եւ աղուաներէնի համար: Հնարիչ գիւտարար ըլլալէ զատ՝ եղաւ նաեւ մեծ կազմակերպիչ, մէջտեղ բերելով եւ զարգացնելով թարգմանչաց դպրաց դասը, որուն շնորհիւ իր աշակերտները - Կորիւն, Եզնիկ, Մովսէս Խորենացի, Ղազար Փարպեցի, եւն – հնարաւորութիւնն ունեցան արտայատուելու իրենց մայրենի լեզուով, փոխանակ գործածելու, ինչպէս իրենց նախորդները՝ յունարէն կամ ասորերէն լեզուները:

Ինչպէս երէկ Միշէլ Սեռ նշել տուաւ, Մաշտոցեան այբուբենը զէնք եւ զրահ եղաւ՝ հայ լեզուն պահպանելու եւ զարգացնելու, զայն հասցնելով սքանչելի բարձունքներու: Արդարեւ, գրոց գիւտէն քիչ տարիներ ետք՝ հայ գրականութիւնն ու լեզուն այնպիսի կատարելութեան եւ ճոխութեան հասան, որ սովոր ենք հռչակել այս շրջանը «Ոսկեդար»: Արժանաւոր պսակադրումը՝ դար մը առաջ` 301-ին տեղի ունեցած քրիստոնէացումին: Ի շնորհակալութիւն Մաշտոցի անսահման արժանիքներուն ի նպաստ հայ մշակոյթին եւ հայ լեզուին՝ մեր Միութիւնը մկրտեցինք իր անունով - «Մաշտոց Բառարաններու Կաճառ – Ֆրանսա»:

Յառաջդիմութեան նպաստող միջազգային իրադարձութիւններու յորձանուտին մէջ երբ յեղափոխական շարժումները բոլոր ցամաքամասերու կայսրութիւններուն գոյութեան կը սպառնային՝ գրաւոր հայերէնը որ դարերու ընթացքին կը գործածուէր միայն գրագէտ դասակարգին կողմէ, ԺԹ դարու կէսէն սկսեալ կ՛արդիականանար եւ հասկնալի կը դառնար ժողովրդական խաւերուն ալ։ Հայկական մշակութային զարթօնքն էր այս: Իրենց ուսումը Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ կատարած ամբողջ սերունդ մը եւրոպական եւ ֆրանսական գրականութիւններու կարեւորագոյն ստեղծագործութիւնները պիտի ներկայացնէին հայերէն թարգմանութեամբ - մանաւանդ Վիկտոր Հիւկոյի, Ալեքսանդր Տիւմայի, Ժիւլ Վեռնի եւ Ալէն-Ռընէ Լըսաժի գործերը:

Մեր ժամանակաշրջանին առաւել մօտ, բազմաթիւ սերունդներ՝ բազմալեզու, մասնաւորապէս ֆրանսերէն լեզուն ընդգրկող բառարաններ յօրինեցին: Այս կապակցութեամբ հարկ է յիշատակել Հայր Մանուէլ Քաջունիի երկհատոր «Բառգիրք արուեստից եւ գիտութեանց եւ գեղեցիկ դպրութեանց»ը (Վենետիկ 1891-1892) եւ դարձեալ երկհատոր, Գուիտոն Լուսինեանի «Նոր բառգիրք պատկերազարդ ֆրանսահայ»ը (Փարիզ 1900)։

Հոս պիտի յիշատակեմ բացառիկ անձնաւորութիւն մը յանձինս Անթուան Մեյէյի, անտարակոյս ֆրանսացի ամենէն հեղինակաւոր լեզուաբանը ։ Դեռ ուսանող Փարիզի մէջ, 1896 ի ցոյցերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ երբ զանգուածային բնաջնջման առաջին փորձերուն զոհ (որոնք ի վերջոյ պիտի յանգէին 1915-ի ցեղասպանութեան) հայ ժողովուրդին համար արդարութիւն պահանջուէր։

Այս առիթով անհնարին է չյիշել Անթուան Մեյէյի աշակերտ՝ հայ մեծ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը, հեղինակ ի միջի այլոց «Հայերէն արմատական բառարան»-ին (քառահատոր, Երեւան 1971-1979), «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի, 562 լեզուներու համեմատութեամբ» աշխատասիրութեան (7 հատոր, Երեւան 1952-1971) կամ «Հայերէն գաւառաբարբառներու դասաւորումը» (Փարիզ, 1909):

Այս քանի մը անուները յիշատակեցինք պարզապէս ցոյց տալու համար հայոց կատարած դերը ի նպաստ բառի տառանշանային ներկայացման. նոյնիսկ սակաւաթիւ այս նմոյշներու կողքին՝ մեր համարկարգչային բառգիրքը կը ներկայանայ վտիտ տուրք մը իբրեւ: Այս մասին որեւէ կասկած չունինք, նոյնիսկ եթէ դուք խիզախութիւնն ունեցաք վարձահատելու զայն՝ ի զարմանս ամէնքին:

Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի զանազան երկիրներու մէջ ցրուած՝ ՄԲԿՖ միութեան բազմաթիւ աշխատակիցներու անունով՝ ձեզի կը յայտնեմ խորին շնորհակալութիւն: Պիտի չյապաղիմ հաղորդել անոնց՝ ձեր սրտմօտիկ աջակցութիւնը, այն քաջալերանքը որ կ'ընծայէք մեզի՝ նոյն թափով շարունակելու մեր ճամբան:

Փարիզ, 17 մարտ 2011

Թարգմանեց՝  Ս. Պ.

Յանուն վարչութեան՝ Ֆիլիփ Փիլիպպոսեան

Ատենապետ ՄԲԿՖ-ի

Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).